2014-10-20 12:43:19

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի խօսքը Կարդինալական վեհաժողովին առթիւ`'' կարելի չէ մտածել եւ ընդունիլ Միջին Արեւելք մը առանց Քրիստոնեաներուն, որոնք երկու հազար տարիներէ կը դաւանին Յիսուսին անունը''։


(Ռ.Վ. 20 հոկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին, Վատիկանի սիւնհոդոսական սրահին մէջ, Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը նախագահեց կարդինալական սովորական վեհաժողովին որուն, Քահանայապետին կամքով, իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքները որոնք Հռոմ կը գտնուին ''Ընտանիքի'' մասին գումարուած եպիսկոպոսական Գ արտակարգ սիւնհոդոսին առթիւ, որոնց շարքին է նաեւ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը։
Վեհաժողովը սկիզբ առաւ առաւօտեան ''Երրորդ Ժամու'' ժամասացութեամբ։ Անոր գլխաւոր նիւթեր էին. Սուրբ Ֆիլիփփօ Նէրիի միաբանութեան անդամ եւ Սրիլանքայի ու Հնդկաստանի առաքեալ` Երանելի Հայր Ճուզեփփէ Վազի եւ Երանելի Քոյր Մարիա Քրիսդինա Տէլլիմմաքոլաթա Քոնչէցիոնէի սրբադասումը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակը եւ Եկեղեցւոյ տարածաշրջանի մէջ յանձնառումը ի սպաս խաղաղութեան։
Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն մատնանշելով թէ ''կը կիսենք Մերձաւոր Արեւելքի կայունութեան ու խաղաղութեան ցանկութիւնը, եւ խրախուսելու հակամարտութիւններու լուծումը, երկխօսութեան, հաշտութեան եւ քաղաքական յանձնառումի միջոցաւ։ Միեւնոյն ժամանակ կը փափաքինք սատարել քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, շրջանին մէջ անոնց գոյատեւումը ապահովելու համար։
Սրբազան Հայրը ապա վերահաստատեց թէ կարելի չէ մտածել եւ ընդունիլ Միջին Արեւելք մը առանց Քրիստոնեաներուն, որոնք երկու հազար տարիներէ կը դաւանին Յիսուսին անունը։ Ան ապա մատնանշեց Իրաքի եւ Սուրիոյ մտահոգիչ անցուդարձներուն, ''ուր ականատես ենք ահաբեկչութեան աներեւակայելի երեւոյթին եւ ուր բազմաթիւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը հալածուած են եւ կը ստիպուին իրենց տուները թողուլ վայրագ կերպով։ Կարծէք կորսուած ըլլար մարդկային կեանքի արժէքը եւ մարդ անհատի կարեւորութիւնը, որ կարելի է զոհել այլ շահերու համար։ Եւ այս բոլորը, ցաւօք սրտի, բոլորին ցուցաբերած անտարբերութեան դիմաց։
Այս անարդար կացութիւնը - ըսաւ հուսկ Քահանայապետը- կը պահանջէ, բացի մեր յարատեւ աղօթքէն, միջազգային հասարակութեան պատշաճ պատասխանը ու աւելցուց թէ ''այսօրուայ մեր հանդիպումէն, Տիրոջ օգնութեամբ, ի յայտ պիտի գան խորհրդածութիւնները եւ թելադրանքներ օգնութեան հասնելու մեր տառապող եղբայրներուն եւ քոյրերուն եւ ընդառաջելու քրիստոնեաներու նուազումի երեւոյթին, այն վայրերէն որոնք հանդիսացած են քրիստոնէութեան օրրան։








All the contents on this site are copyrighted ©.